Ռ.Ա.Կ. ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Երեւան, Ապրիլ 22, 2016 Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վերականգնումի եւ Միութեան Մարմինը կայացուց իր երկրորդ հաւաքը Երեւանի մէջ Ապրիլ 19-21, 2016-ին, մասնակցութեամբ 12 երկիրներէ ժամանած 63 ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան եւ Արցախի Լիպերալ Դեմոկրատ հասարակական կուսակցութեան ղեկավարներու: Վերականգնումի Շարժումին այս հաւաքը կը զուգադիպէր Արցախի վերջին չորս օրեայ պատերազմի տխուր վաղորդայնին, որ առիթ ընծայեց Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն իրենց վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը ընծայելու Արցախի հերոսական ժողովուրդին: Ժողովը կայացաւ Հայաստանի համար ներկայ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, համայն հայութեան ուժերը Արցախի ու Մայր Հայրենիքի շուրջ համախմբելու պատմական պահուն: Զեկոյցներ ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Արցախի ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու կուսակցական կառոյցներու մասին: Իբրեւ եզրակացութիւն կայացող քննարկումներուն, ժողովը որդեգրեց հեռանկարային կառուցողական ծրագիրներ: Հաւաքի բացման օրուան ընթացքին իր ողջոյնի խօսքը բերաւ փոխ նախարար Վահագն Մելիքեան, յանուն Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի: Ժողովը մասնաւորաբար քննարկեց Կուսակցութեան պառակտեալ վիճակը եւ առաւ առ այդ պատասխանատու որոշումներ: Նկատի ունենալով, որ Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի ներկայացուցիչներուն եւ ՌԱԿ շրջանաւարտ Կեդրոնական վարչութեան պատասխանատուներուն միջեւ կայացած բանակցութիւնները չեն յանգած որեւէ արդիւնքիՙ պատասխանատուութեան պատմական կշիռը ինքնաբերաբար կը ծանրանայ այս Շարժումի մասնակիցներու ուսերուն: Պարզուող իրականութիւնը իր ամբողջական պատկերով կը ներկայացնէ նախկին Կեդրոնական Վարչութեան քայքայուած վիճակը, ամբողջովին կորսնցուցած ըլլալով իր իրաւական հակակշիռը Կուսակցութեան սփիւռքատարած կառոյցներուն վրայ: Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի համադրող Մարմինը սպառած ըլլալով բանակցութեան ու գործակցութեան բոլոր հնարաւորութիւնները կը հարկադրուի առանձին ստանձնել կուսակցութեան վերականգնումի եւ միացման սրբազան գործը: Շարժումի դռները բաց են բոլոր ընկերներուն եւ խմբաւորումներուն դիմաց, որոնք կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակները: Շարժումը դէմ չէ որեւէ անձի եւ կառոյցի, նուիրուած ըլլալով ամբողջութեամբ դրական ու միարար գործի: Այս ժողովը անվաւեր կը հռչակէ վերջին տասը տարիներուն կայացած պատժական եւ օրինական տնօրինումները, ինչպէս նաեւ կատարուած աշխարհագրական կամայական բաժանումները: Մեր առջեւ դրուած է երկու տարուան ժամանակահատուած մը համախմբելու բոլոր շրջանակները եւ միասնաբար կայացնելու օրինական ընդհանուր պատգամաւորական ժողով մը, մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի ՌԱԿ-ի մեր կառոյցներուն, ընտրելու համապարփակ եւ Հայաստանակեդրոն վարչութիւն մը, որ ցոլացնէ բովանդակ կուսակցութեան դիմագիծը եւ իր հեղինակութիւնը հաստատէ բոլոր շրջանակներուն վրայ: |