RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#013, 2016-04-08 > #014, 2016-04-15 > #015, 2016-04-22 > #016, 2016-04-29 > #017, 2016-05-06

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #15, 22-04-2016



«ԱՐԵՒ-100»

Տեղադրվել է` 2016-04-22 13:07:10 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5638, Տպվել է` 552, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 544

«ԱՐԵՒ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

Դոկտ ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Ավարտվում է սփյուռքահայ ամենաերկարակյաց թերթերից մեկիՙ Եգիպտոսի «Արեւ»ի 100-ամյա հոբելյանական տարին: Այդ առթիվ ապրիլի 27-ին Կահիրեում տեղի կունենա հանդիսավոր միջոցառում, որին հետագա էջերում հեռակա կարգով միանում է նաեւ «Ազգ»ը, տպագրելով մեր թերթի հիմնադիր աշխատակից, թարգմանիչ եւ հոդվածագիր, լրագրողական իր առաջին քայլերն այդ թերթում արած Հակոբ Ծուլիկյանի գրած եւ նրա ջանքերով հավաքված մի քանի նյութերը, որոնք դույզն անդրադարձ են Ռամկավար Ազատական կուսակցության բազմահարուստ մամուլի այդ նշանավոր ներկայացուցչին, որի էջերի վրա տքնել են Վահան Թեքեյանի, Երվանդ Օտյանի, Միքայել Կյուրճյանի, Հովհ. Պողոսյանի, Պետրոս Տեփոյանի, Արշակ Ալպոյաճյանի, Ստեփան Շահպազի, Նուբար Պերպերյանի, Երվանդ Ազատյանի, Ավետիս Յափուճյանի, Ալիս Տեփոյանի, Հովհաննես Տեր-Պետրոսյանի նման դեմքեր:


Դոկտ. Ավետիս Յափուճյանը «ԱՐԵՒ»ի նախկին երկարամեայ խմբագիրն է եղել: 1990-ականներին տեղափոխվել է Սիդնեյ, Ավստրալիա, որտեղ մինչ օրս խմբագրում է ՀԲԸՄ-ի «Միութիւն» ամսագրի հայերեն բաժինը: Պատմաբան է, բանասեր, գրաքննադատ եւ հմուտ թարգմանիչ: Արժանացել է բազմաթիվ մրցանակների, այդ թվում նաեւ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանով (Ամենայն Հայոց հայրապետ Գարեգին Բ-ի կողմից) եւ «Վիլյամ Սարոյան» մեդալով (Սփյուռքի նախարարության կողմից): Խմբ.


1915 ապրիլ 24 - Կուպր խաւար:

1915 մայիս 11 - Լուսապայծառ «Արեւ»ածագ:

Մինչ 24 Ապրիլին Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուէին եւ ապա երիտթրքական եաթաղանին զոհ կ՛երթային հարիւրաւոր մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ, այդ սեւ օրէն հազիւ երկու շաբաթ ետք, 11 մայիսին, ասպնջական Եգիպտոսի մէջ, նահատակ այդ գրագէտներուն մէկ ընկերը, յանձինՙ Հայ բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի, որ բախտի բերմամբ կը բացակայէր Պոլիսէն, խումբ մը գրչի այլ մարտիկներու հետ հիմը կը դնէր «Արեւ»ին, կարծէք երիտթրքական հայախոշոշներուն եւ աշխարհի անտարբեր խղճին առջեւ բացագանչելու համար գործնականապէս, թէ կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանա՛նք:

Այդ օրէն ի վեր արդէն անցեր են հարիւր երկար տարիներ, մաքառումի ու գոյապայքարի տարիներ, ընկրկումի ու յաղթանակներու տարիներ, ներքին մարտերու ու խաղաղութեան տարիներ: Եւ միշտ, տեւապէս, «Արեւ»ը մնացեր է պատնէշին վրայ, կուրծք տալով նորածին Մայր Հայրենիքին հասցուած հարուածներուն դէմ, կուրծք տալով Սփիւռքի տարածքին ցիրուցան հայ բեկորներուն սպառնացող վտանգներուն դէմ: Այսօր, շատոնց չկան անոնք, որոնք ծնունդ տուին Մեսրոպեան նշանագրերով պատած այն չորս էջերուն, որոնք ամէն օր, իբրեւ կենդանի յուշարձանը անոնց, հայու սեւ աչքերուն առջեւ կը պարզուին: Ամբողջ մէկ դարէ ի վեր, ամէն օր, երբ երկնային արեւը կ՛անհետանայ հորիզոնին ետին, երկրային «Արեւ»ը կը ծագի, կը մտնէ հայու տուներէն ներս, հայու պայծառ հոգիներէն ու մաքուր սրտերէն ներս, կը ջերմացնէ զանոնք, ազգային նոր արիւն կը սրսկէ անոնց երակներուն մէջ, արիւնՙ զոր ան կը բերէ Մայր հայրենիքէն, Արագածի գագաթին կախ ընկած Լուսաւորչի կանթեղէն, Սեւանի կապոյտ ջուրերէն, Արաքսի վարար կոհակներէն:

Ամբողջ հարիւր տարի «Արեւ»ը իբրեւ Հիւսիսային աստղ ամէն օր ուղղութիւն կու տայ ուղեկորոյս հայ մարդուն, որովհետեւ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր աննման բանաստեղծ Վահան Թէքէեանըՙ «օդի, ջուրի նման մենք պէտք ունինք հպարտութեան», իսկ այդ հպարտութիւնը սփիւռքահայութեան կրնայ տալ միայն ու միայն Մայր հայրենիքը:

Ամբողջ մէկ դար «Արեւ»ը անվհատ արձագանգեր է Հայ ժողովուրդին յաղթանակներուն, աներկիւղ ահազանգեր է անոր թիկունքէն եկած վտանգներուն, գրիչովՙ սուրէն աւելի հատու այդ զէնքովՙ որմէ կը սարսափին ամենազօր բռնապետներն անգամ, ան պայքարեր է, որ Հայրենիքի սէրը միշտ վառ մնայ ուծացման դամոկլեան սուրին տակ ապրող հայու սրտին ու հոգիին մէջ, միշտ հաւատացած, որ առանց Հայրենիքի հետ սերտ կապիՙ չկայ հայապահպանում, առանց հայապահպանումիՙ չկայ Հայ դատ:

Ամբողջ հարիւր տարի Հայ դատին պաշտպան փաստաբանը հանդիսացաւ «Արեւ» օրաթերթը, զայն նկատի ունենալով ոչ միայն որպէս ձեւական ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան, այլ որպէս մեր յափշտակուած պապենական հողերուն պահանջատիրութիւնը:

Ամբողջ հարիւր տարիներ, գաղափարական այն կազմակերպութիւնը, իմաՙ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, որ զինք կեանքի կոչեց Սփիւռքի մէջՙ իբրեւ յենարան իրեն, օտարներուն համար բոլորովին անհասկնալի, անըմբռնելի զոհողութիւններով պահեց ու պահպանեց «Արեւ» օրաթերթը: Եւ ամբողջ մէկ դար, հայ ժողովուրդը գիտցաւ գնահատել իրեն նուիրուած այս ջահին առաքելութիւնը, եւ տեւապէս, իր լումաներով զայն հրաբորբոք պահեց, անշէջ պահեց:

Սակայն հայերէն թերթ պահելու եւ պահպանելու համար Սփիւռքի մէջ, ամբողջ մէկ դար, չի բաւեր հոյլ մը գաղափարապաշտներու ճիգերը, չի բաւեր ափ մը այդ մարդոց ըրած նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւնները: «Արեւ» օրաթերթը շատ, չափազանց շատ դժուար օրեր ունեցած է: «Արեւ» միշտ ալ յաղթահարած է այդ դժուարութիւնները, որովհետեւ մեր ժողովուրդը թիկունք կանգնած է անոր, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ըմբռնած է անոր գոյութեան իմաստը, որովհետեւ անոր լոյս աշխարհ բերող հաւատաւորները կանգ չեն առած անիմանալի զոհողութիւններու առջեւ:

Ամէն ժողովուրդ թերթեր ունիՙ բազմապիսի եւ բազմատեսակ: Սակայն սփիւռքահայ թերթը, այս պարագայինՙ «Արեւ» օրաթերթը, բոլորովին տարբեր բնոյթ ունի: Ան չի կրնար տարբեր չըլլալ բոլոր միւս թերթերէն, որովհետեւ, սփիւռքահայ թերթը մէկն է այն զէնքերէն եւ զրահներէն, որոնցմով սփիւռքահայութիւնը ինքն իրեն կը պաշտպանէ համայնակուլ այն թշնամիէն, զոր սպիտակ ջարդ կը կոչենք, թշնամի մըՙ որ անտեսանելի է, բայց ամէն տեղ է, ամէն քայլափոխի մեր առջեւ կը ցցուի, եւ, առանց որ զայն տեսնենք, կը սպառնայ հարուածը ուղղել ուղղակի մեր սրտին, մեր էութեան, եւ որպէս ազգային միաւորՙ մեր գոյութեան:

Յաճախ թերթերու մէջ կը կարդանք, թէ մեծ երկիրներու մէջ հրատարակուող անուանի թերթեր փակուեր ենՙ չտոկալով ծախսերուն, հակառակ որ անոնք մեծ հաստատութիւններէ, մեզի համար առասպելական գումարներով ծանուցումներ կը ստանան: Այդ թերթերը փակուեցան, որովհետեւ անոնք հիմնուած էին առեւտրական նպատակներով:

Սփիւռքի մէջ փակուեցան նաեւ աւելի քան տասնեակ մը թերթեր, որովհետեւ անոնք ալ անհատական ձեռնարկներ ըլլալով, անոնց հրատարակիչներուն զոհողութիւնը կը պակսէր, կամ փակուեցան հրատարակիչներուն մահուան հետեւանքով, եւ չգտնուեցան անոնց նման ուրիշ «խենթեր», որ շարունակէին այդ զոհողութիւնը:

Սակայն, «Արեւ»ը ո՛չ առեւտրական հաստատութիւն մըն է, եւ ոչ ալ անհատական ձեռնարկ: Ան գաղափարական կազմակերպութեան մը խօսափողն է, որ ըսելիք ունի, որ ուղղութիւն պէտք է տայ զանգուածներուն, որ հայապահպանում կոչուած գերմարդկային գուպարին պիտի միացնէ իր հնարաւորութիւնները:

«Արեւ»ը ոչ միայն շահոյթի որեւէ ակնկալութիւն չունի, այլ ընդհակառակը, անոր հրատարակիչները, այլ մարզէ մը իրենց ձեռք բերած երբեմն նոյնիսկ համեստ շահին մէկ մասը կը յատկացնեն թերթին, որովհետեւ գիտակից են, որ անոր փակումը կը նշանակէ, Սփիւռքի մէջ մեր մղած անհաւասար բուռն պայքարին մէջ, զէնքերը վար դնել եւ անձնատուր ըլլալ թշնամիին, այն թշնամիինՙ որ ասկէ դար մը առաջ Սփիւռքի ստեղծման պատճառ եղաւ, եւ այն թշնամիինՙ որ այսօր կը սպառնայ մեզ կուլ տալ:

Ահա այսպիսի աներեւակայելիօրէն դժուարին պայմաններու մէջ է, որ լոյս կը տեսնէ սփիւռքահայ թերթը, եւ հետեւաբարՙ «Արեւ»ը: Բայց ի՞նչ բան այդ ուժը կու տայ «Արեւ»ին, որ ան շարունակէ լոյս տեսնել: Այդ ուժը կու տայ իր ուսերուն վրայ իր իսկ առած բեռը, զոր կը կոչենք առաքելութիւն, հայապահպանումի պայքար, որմէ խուսափում չկայ, այնքան ատեն, որ սփիւռքահայութիւն գոյութիւն պիտի ունենայ: Ուծացումը, ձուլումը մեզմէ որքան որ ալ զոհ խլեն, այս զոհողութիւնը յանձն առնող, իրենց ուսերուն վրայ իրենց առած բեռան գիտակցութիւնը ունեցող անձեր պիտի գտնուին, որ շարունակեն «Արեւ»ին գոյութիւնը պահպանել: Սփիւռքահայութիւնը ապրեր է եւ պիտի շարունակէ ապրիլ այդ «խենթերուն» շնորհիւ, որովհետեւ զոհողութիւնը, նուիրումը հայուն արեան մէջ մտած է, անոր կեանքին մէկ մասնիկն է: Այլապէս ան պիտի չկարենար ապրիլ ոչ միայն իբրեւ հայ, այլեւ իբրեւ մարդ:

Անցեալ դարերը եւ մեր օրերը երաշխիքն են անոր, որ հայը այսպէս եկեր է, այսպէս ալ պիտի երթայ, երբեք պիտի «չխելամտի», եւ այդ է որ մեր ժողովուրդը կ՛ապրեցնէ: Պատիւ իրեն, պատիւ բոլոր անոնց, որոնք հայ թերթ կը պահեն Սփիւռքի մէջ: Ցեղասպանութենէն դար մը ետք, երբ Սփիւռքի տարածքին պայմանները փոխուեր են, երբ այլեւս սովահար ու անպատսպար հայ չկայ, սակայն, դժբախտաբար, կուշտ կեանքը կը սպառնայ Սփիւռքի բեկորները հայկականութեան սովի մատնել, զանոնք անպատսպար լքել ուծացման բուք ու բորանի բերանը, այսօր որեւէ ատենէ աւելի անհրաժեշտ է «Արեւ»ի, «Արեւ»ներու գոյութիւնը:

«Արեւ»ը ինչ որ առաւ ժողովուրդէն, զայն վերադարձուց ժողովուրդին բազմապատկուած: «Արեւ»ը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ հայ Ժողովուրդին բազկերակը բռնած: Հայ ժողովուրդին սրտի զարկերն են, որ հոն Մեսրոպեան տառերու կը վերածուին, եւ կ՛երթան անոր միտքը լուսաւորելու, անոր հոգին հրճուեցնելու: Ինչպէս որ առանց երկնային արեւին, մարդկային կեանք չի կրնար գոյութիւն ունենալ աշխարհի վրայ, նոյնպէս ալ առանց երկրային «Արեւ»ին չի կրնար հայութիւն գոյութիւն ունենալ Եգիպտոսի մէջ: Այս է որ կը փաստէ «Արեւ»ի մէկ դարու գոյութիւնը, որովհետեւ, առանց «Արեւ»ին եգիպտահայութիւնը իր արմատներէն, այսինքնՙ իր Մայր հայրենիքէն խզուած պիտի մնար:

Այն օրերուն, երբ տեղի կ՛ունենար Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պառակտումը, «Արեւ» եղաւ Էջմիածնականութեան ամրոցը, ուրկէ անյողդողդ պայքար կը ծաւալէր յանուն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միասնականութեան, յանուն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան գերագահութեան, որովհետեւ, ինչպէս անցեալ դարերուն, երբ հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէր իր ազգային պետականութիւնը, Հայաստանեայց եկեղեցին էր, որ զայն կը փոխարինէր, նոյնպէս ալ մեր ժամանակներուն, պետականութենէ զուրկ սփիւռքահայութեան համար, զայն կրնայ փոխարինել միայն մէկ եւ միասնական Հայաստանեայց եկեղեցին:

«Արեւ» Հայ մշակոյթին, Մայրենի մեր մեծասքանչ լեզուին Սփիւռքի մէջ պահպանման ի խնդիր միշտ ալ պայքարած է այն թիւր կարծիքին դէմ, թէ հայապահպանման համար անհրաժեշտ չէ հայերէն լեզուն, այլՙ կը բաւէ միայն հայկական ոգին:

Բարի դարադարձ «Արեւ»ին, թող ան յաւերժ շողայ սփիւռքահայ երկնակամարին վրայ: Արեւշատութի՛ւն «Արեւ»ին:

Սիդնի, Ավստրալիա

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #15, 22-04-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ