ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մտահոգութիւններուս կիզակէտը կը կազմէր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք հարիւրմէկերորդը ինչ ձեւով դիմաւորելու հարցը: Իմ գիտակցական կեանքիս գոնէ վերջին յիսնամեակին, քաղաքիս մէջ մասնակից դարձած եմ Ապրիլեան սգատօներու եւ յուշահանդէսներու բոլորին: Կարիք չկայ ըսելու, որ անոնք բոլորը,-շատ չնչին փոփոխութիւններով,- կրկնութիւններ էին. ցաւ, յարգանք, կոչ, պահանջատիրութիւն, հասկնալի էՙ ուրիշ ինչ կրնար թելադրել պահը: Այս յիշատակի ձեռնարկներուն կողքին եղան կողմնակի աշխատանքներ, որոնք յանգեցան մեր հարցը միջազգային հարթակի վրայ բերելու, եւ որ ամէնակարեւորն էՙ երկիրներ սկսան ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ եղան հրատարակութիւններ եւ հրապարակային ձեռնարկներ, ինչ որ բաւական դրական կշռաքար էր մեր նժարին վրայ: Սակայն այս բոլորը եղան անձնական, հատուածային, կամ անկախ ձեռնարկներ: Երբ մարդիկ միեւնոյն բանը կ՛ըսեն, սակայն իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով, անոնց ազդեցութիւնը կ՛ըլլայ կոտորակեալ, ոչ միակտուր: Աւանդոյթ դարձած այդ միջոցառումները հարկ էր նոր զգեստաւորում ունենային, աւանդականէն անցնէինք աւելի արդիական գործնական քայլերու: Ինչ ըսել կուզեմ, հարիւրամեակէն ետք նոր շրջան մը պէտք է սկսէր, նոր փուլի մը մէջ մտնելու էր մեր հարցը: Պէտք էր հնգամեայ ծրագիր մը կազմել եւ որոշել իւրաքանչիւր տարի ընելիքի մասին, քայլ առ քայլ, սերտուած, արդիական, գիտական հիմունքներու վրայ, ներկայ ճարտարագիտական միջոցները օգտագործելով: Միակ գործնական եւ արդիւնաւէտ ձեւը այս է. իսկ ասոր հասնելու համար անհրաժեշտ էր միջ-հայկական, համահայկական կորիզ մը մէջտեղ բերել, միաւորելով Հայրենիքն ու Սփիւռքը: Պէտք է կազմուէր ազգային թէ եկեղեցական ուժի կեդրոններէն բխած վերին մարմին մը, որպէս համայն հայութեան ներկայացուցիչ, կեդրոնական վարչութիւն, ծերակուտական... ինչ անուն կ՛ուզէք տուէք, կարեւորը անոր իրականանալն էր, որ չեղաւ: Թէեւ փորձեր եղած են անցեալին, գոնէ Սփիւռքը միաւորելու մէկ ղեկավարութեան տակ, սակայն բոլորն ալ ձախողած են. պատճառներ թուելու կարիք չկայ, ամէն մարդ գիտէ: Այստեղ է, որ կը կայանայ մեր գլխաւոր տկարութիւնը: Ամէն օր համագործակցութիւն, համերաշխութիւն եւայլն կը շեփորենք, սակայն գործնական գետնի վրայ անհամաձայնութիւնը կ՛ըլլայ մեր միակ «յաջողութիւնը»: Դժուա՞ր է, օրինակ, ի մի բերել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, մեր երկու կաթողիկոսները, երկու պատրիարքները, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գլուխը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխը, մեր երեք կուսակցութիւններու եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարները եւ կազմել համահայկական 12 անդամներէ բաղկացած Հայ ազգի վերին մարմինը : Ութոփիա՞ է, ցանկատեսութի՞ւն: Գուցէ, սակայն ոչ անկարելի, եթէ իսկապէս պատրաստ ենք միաւորուելու մէկ դրօշի տակ: Ահա՛, այսպիսի մարմին մը կրնայ արեւելում տալ մեր բոլոր ազգային ծրագիրներուն եւ զանոնք իրականացնելու համար գործնական միջոցներ որոնել եւ յաջողցնել: Չ՛արժե՞ր մտածել այս մասին: |