«ԱՐԵՎ»Ի ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐԸ Պատրաստեց` Հ. ԾՈՒԼԻԿՅԱՆ Հետեւյալ տեղեկությունները քաղում ենք «Արեւ» օրաթերթի մատենագիտութիւն» գրքից, պատրաստված Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեանի կողմից (Ա. Պրակ, Գահիրէ, 1990 թ., Մատենաշար Հայ Ազգային Հիմնադրամի): «Ես եմ «Արեւին» ծնունդ տուողը», ասել է Երուանդ Օտեանը: Ե՞րբ հարցումին պատասխանել է. «1908 մայիս 11-ին, Կ. Պոլիսէն Աղեքսանդրիա հասնելէս մէկ տարի ետք, ինծի բարեկամ մտաւորականներու հոյլի մը օժանդակութեամբ, եւ նիւթական աջակցութեամբ Աղեքսանդրիոյ Րամլէի հանրակառքի ընկերութեան տնօրեն Գառնիկ Չալուքճեանի եւ տպագրիչ Գր. Նազարէթեանի: Սակայն 1908-ին Թուրքիոյ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, բազմաթիւ գաղթական հայեր Եգիպտոսէն վերադարձան Թուրքիա... եւ ընթերցողներուն թիւը զգալիօրէն պակսեցաւ, եւ որոշեցինք «Արեւի» արտօնագիրը յանձնել ուրիշի մը: ...Երկար ժամանակ վերջ Պօղոս Նուպար փաշայի կարգադրութեամբ «Արեւի» արտօնագիրը կը յանձնուի մտաւորական նոր խմբակցութեան մը, որուն գլուխը կը գտնուէր բանաստեղծ Վահան Թէքէեան»: Այսպես ուրեմն «Արեւի» խմբագիրներ են եղել 1915-1920 Վահան Թէքէեան (Ա) 1920-1922 Միքայել Կիւրճեան 1922-1927 Յովհաննէս Յակոբեան 1927-1929 Վահան Թէքէեան (Բ) 1929 - Յովհաննէս Սեքսէնեան 1930 - Օննիկ Մահտեսեան (Ա) 1931 - Վահան Թէքէեան (Գ) 1931 - Յակոբ Փափազեան 1932 - 1932 Օննիկ Մահտէսեան (Բ) 1932 - 1938 Յովհաննես Պօղոսեան 1938 - 1945 Վահան Թէքէեան (Դ) 1945 - 1947 Յակոբ Արամեան 1947 - 1948 Պետրոս Տեփոյեան 1948 - 1958 Նուպար Պէրպէրեան 1959 - 1967 Էտմոն Կոտալազեան (Երուանդ Ազատեան) 1967 - 1990 Աւետիս Եափուճեան 1990 - 2003 Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան 2003 - Ասպետ Արթինեան «11 մայիս 1915-ին իր առաջին թիւը կը տպուէր խմբագրապետութեամբ եւ տնօրէնութեամբ Վահան Թէքէեանի եւ արտօնատէրութեամբ Լեւոն Մկրտիչեանի, որոնք կուգային ծանուցանելու եգիպտահայերուն, թէ «Արեւ» լոյս պիտի տեսնէր շաբաթը երեք անգամ: ...Բաժնեգին սահմանած էին 5 միլիեմ իբրեւ հատավաճառ: ...Խմբագրատունը կը հաստատուէր Աղեքսանդրիոյ Ապու Տարտար փողոցին վրայ, թիւ 16: Առաջին թիւին առաջին էջին վրայ երկսիւնակ խմբագրականին մէջ Թէքէեան... կը գրէ. «Ազգային շահերու պաշտպանութեան նուիրուած օրկան մը ըլլալը իր խորին հաւատքն է, եւ այդ պաշտպանութեան գործին շուրջ բոլոր հայերը միացած տեսնելըՙ իր ամէնէն ջերմ փափաքը»: ...«Արեւի»ի պատասխանատուները, որոնք նախապէս համաձայն չէին իրենց թերթը քաղաքական կուսակցութեան մը օրկանը դարձնելու, հակառակ անոր որ իրենք կուսակցականներ էին, կը հարկադրուէին (ստեղծուած պայմաններու թելադրանքով) իրենց դիրքը փոխել եւ «Արեւ» թերթը դարձնել Հայ Ռամկավար կուսակցութեան Եգիպտոսի շրջանի պաշտօնաթերթ, 4 մայիս 1921-ին, իսկ (հինգ ամիս անց) 6 հոկտեմբեր 1921-ից պաշտօնաթերթըՙ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Եգիպտոսի շրջանակին: «8 դեկտեմբեր 1922-էն սկսեալ «Արեւ» կը վերածուէր օրաթերթի: Իսկ 29 յուլիս 1924-ին «Արեւ» կը փոխադրուի Գահիրէ: Տեղափոխութեան խնդիրներու պատճառով լոյս չի տեսներ մինչեւ 9 օգոստոս 1924 թուականը: Խմբագրատունը կը կահաւորուի Տուպրէ փողոց թիւ 1 շէնքին մէջ: 29 նոյեմբեր 1955-ին «Արեւ»ի խմբագրատունը (իր սեփական տպարանով) կը փոխադրուի «Հայ տուն» շէնքին մէջ: Օրուան խմբագիրն էր դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան, որ կը պաշտօնավարէր 1948 թուականէն ի վեր: 1970 նոյեմբեր 28-էն ի վեր Հայ ազգային հիմնադրամին կը կապուէր «Արեւ» օրաթերթը: «Արեւ» փաստօրէն հանդիսացաւ ոչ միայն եգիպտահայութեան մտքի փարոսը, այլեւ ամրակուռ բերդը հայաստանասէր զանգուածին»: |